A
A
Էրդողանը ցավակցական նամակ է հղել Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալյանին
Աջակցիր «Ա1+»-ինԹուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Էրդողանը ցավակցական նամակ է հղել Թուրքիայի Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալյանին․
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԷՃԷՓ ԹԱՅՅԻՓ ԷՐՏՕՂԱՆԻ
24 ԱՊՐԻԼ 2026 ՈՒՐԲԱԹ ՕՐ ԿԱՏԱՐԵԼԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ
Թուրքիոյ Հայոց
Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեան,
Հայ ժողովուրդի Թանկագին Անդամներ,
Սիրելի Հայրենակիցներ,
Ձեզ կ’ողջունեմ սրտագին զգացումներով եւ սիրով։
Առաջին Աշխարհամարտի դժուարին պայմաններուն մէջ իրենց կեանքերը կորսնցուցած Օսմանեան Հայերը այս տարի եւս կը յիշեմ յարգանքով եւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իրենց թոռներուն։
Օսմանեան Կայսրութեան փլուզման ընթացքին՝ գրաւումներու, բախումներու, ապստամբութիւններու, հրոսախմբային շարժումներու, ահաբեկչական արարքներու եւ համաճարակներու նման այլազան պատճառներով իրենց կեանքը կորսնցուցածներ, Պալքաններու, Կովկասի եւ Արաբական թերակղզիի երկիրներու իրենց հողերէն տեղահանուածներ, Անատոլուի չորս կողմը իրենց տուներուն մէջ վիշտեր ապրած Օսմանահպատակ ժողովուրդներ խոր ցաւեր կրած են։
Օսմանեան Կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ ընկերային կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս իրենց ներկայութիւնը բերած եւ թանկագին ներդրումներով ծանօթ Օսմանահպատակ Հայ հայրենակիցներու մէջ եւս դժբախտաբար եղած են այս մեծ ցաւերու նշաւակ դարձածներ։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մենք յաջողեցանք կերտել այս ցաւերը չմոռնալու առընթեր, զանոնք յաղթահարելու միջոցը գիտցած ըլլալու շնորհիւ։
Խաղաղութեան, բարօրութեան եւ եղբայրութեան հիման վրայ աւելի ցանկալի օրերու հասնելու առաջադրութեամբ, կը շարունակենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ միասնաբար գործել եւ պայքարիլ առանց նկատի ունենալու անոնց ազգային եւ կրօնական պատկանելիութիւնները։
Կը ջանանք հետագայ սերունդներուն փոխան ժխտական յիշատակներու, ժառանգ թողուլ ապագայ մը, որ ըլլայ ճշմարտութիւններ, գօտեպնդուած՝ խղճամիտ արտայայտութիւններով։
Պատմութենէն թշնամանք քաղել կամեցողներուն ամենէն տեղին պատասխանը տալու համար չենք փակուիր գաղափարախօսական կաղապարներու մէջ, կը գերադասենք խաղաղութեան, ներթափանցման եւ երկխօսութեան արտայայտութիւնները եւ որպէս հիմ կ՚ընկալենք այն մերձեցումը որ է փոխան բախումի նախընտրել համաձայնութիւնը։
Որպէս 86 միլիոն միասնաբար պիտի կերտենք մեր ապագան եւ այն ժառանգը որ մեր թոռներուն պիտի թողունք։
Այս խոհերով անգամ մը եւս կը կիսեմ Հայ ժողովուրդի անցեալին կրած ցաւերը, եւ յարգանքով կը յիշեմ իրենց կեանքերը կորսնցուցած բոլոր Օսմանահպատակ հայրենակիցները։
ՌԷՃԷՓ ԹԱՅՅԻՓ ԷՐՏՕՂԱՆ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ