Հալեպի հրթիռակոծումից զոհվել է Գեւորգ Հալաճյանը, կան վիրավորներ
Ժամեր առաջ Ազիզիէ շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտայի հրթիռակոծման հետեւանքով վիրաւորուեցան հալէպահայ Գէորգ Հալլաճեանն ու անոր երկու դուստրերը։ Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Հակառակ վիրաբուժական միջամտութեան, Գէորգ Հալլաճեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել․ վայրկեաններ առաջ ան զոհուեցաւ։ Անոր դուստրերուն վիճակը կայուն է։ Այս մասին կը հաղորդեն Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութենէն: Ուրբաթ 30 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Հալէպի բնակչութեամբ հոծ Ազիզիէ շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտան եւ «Սէլլում» հիւանդանոցի շրջանը հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ։ Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէն արձակուած հրթիռներու պայթումին հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ՝ երեքը հայ։ Պայթումը պատճառ դարձաւ նաեւ նիւթական մեծ վնասներու եւ հրդեհի մը բռնկման։ Այս մասին Եռագոյնին կը յայտնէ Գանձասարի խմբագիր Զարմի Պօղիկեանը yerakouyn.com