Ալեն Սիմոնյանն այցելել է Պոլսո հայոց պատրիարքություն
Աջակցիր «Ա1+»-ինՊոլսո հայոց պատրիարքությունից հայտնում են, որ աշխատանքային այցող Ստամբուլում գտնվող ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնյանն այցելել է Պատրիարքություն։
«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Մեծայարգ Ալեն Սիմոնեան, որ Ստանպուլի մէջ տեղի ունեցած միջազգային դիւանագիտական ժողովներու առիթով քաղաքս կը գտնուէր, փափաքած է 18 Ապրիլ 2026, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին իր պատուիրակութեամբ այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանին: Մեծայարգ Սիմոնեանի փափաքին համաձայն Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հանդիպում ունեցաւ Պատրիարքարանի պաշտօնական գրասենեակին մէջ:
Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ վերջին մէկ տարուայ ժամանակահատուածին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած անօգուտ առճակատումներուն եւ այս առընչութեամբ յայտնեց իր եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու մտահոգութիւնը։ Մաղթեց որ մօտ ապագային վերջ կը գտնէ անօգուտ ձգտեալ կացութիւնը եւ կը վերահաստատուի հաշտութիւնն եւ համերաշխութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան միջեւ:
Մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման սահուն ընթացքը ապահովելու կարեւորութիւնը, ապագային դիւանագիտական կապերու հաստատութիւնը եւ հզօրացումը, որ յոյս պիտի ներշնչէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու համերաշխ գոյատեւման եւ միասնական զարգացման:
Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իր մեծայարգ հիւրին ազգանուէր եւ ագգօգուտ գործունէութեանց մէջ:
Մեծայարգ Ալեն Սիմոնեան փափաքեցաւ նաեւ յատուկ հանդիպում ունենալ Պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ, որ կայացաւ Պատրիաարքարանի Դահլիճին մէջ»,- ասված է հայտարարության մեջ։