Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
A A
Հասարակություն

Լիբանանում Սիրիայի դեսպանն այցելել է Արամ Ա կաթողիկոսին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ Ալ-Քարիմ Ալի:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց դեսպանին՝ շուրջ 13 տարիներու իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին Սուրիոյ հետ Կաթողիկոսարանին ունեցած յարաբերութեան մեծապէս օգտակար հանդիսանալուն համար: Նորին Ս. Օծութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած օգտակարութեան համար: Բագրատունի, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին Լիբանանի հայ երեսփոխանական պլոքին եւ դեսպանատան միջեւ զարգացած սերտ գործակցութեան համար:

Դեսպանը յատուկ յարգանքով անդրադարձաւ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Սուրիոյ հայութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքներու կրօնական ու հոգեւոր պատասխանատուներուն որդեգրած առողջ կեցուածքներուն՝ երկու երկիրները յուզող հարցերուն ու տագնապներուն նկատմամբ:

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց դեսպանին: