Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
Jirayr-Libarityan
A A
Քաղաքականություն

Ընդդէմ հիսթերիք աղմուկի. Ժիրայր Լիպարիտյան․ Առավոտ

Այդ հոդվածը գրվել է որպես «Յետ Գրութիւն»՝ հեղինակի հատընտիր աշխատություններով կազմված մի հատորի՝ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» խորագրով, որը կհրատարակվի այս տարի: Հոդվածն այժմ հրապարակվում է՝ նկատի ունենալով նրա այժմեականությունը:

  2020 թ. սեպտեմբերին  Արցախի դէմ սկսած ազրպէյճանական պատերազմը մի քանի ձեւերով տարբեր էր նախորդ ռազմական ընդհարումներէն։ Անոնցմէ մէկն էր Թուրքիոյ կողմէն Ազրպէյճանին տրամադրած բազմատեսակ ռազմական օժանդակութիւնը։ Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ ստանձնած դերն այդ պատերազմի ընթացքին կարեւոր քայլ էր Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն դէմ։ Կասկած չկայ նաեւ, որ այդ քայլը վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի նկատմամբ այդ երկրի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ մասն էր։

Նկատի ունենալով այդ օժանդակութեան կարեւորութիւնը հայկական կողմի կրած պարտութեան մէջ, անպայման որ բանականութիւնը գործածող մարդոց մտքին մէջ հարցականի տակ պիտի առնուէր Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւն սկսելու կամ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու օգտակարութիւնը եւ (կամ) նպատակայարմարութիւնը։

Բնական պիտի ըլլայ, ուրեմն, որ այդ հարցը  հրապարակաւ քննարկուի իր բոլոր կողմերով՝ Հայաստանի ապագայ արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Սակայն նման քննարկում գրեթէ անկարելի դարձած է այն հիսթերիք աղմուկին պատճառով, որ որոշ քաղաքական ուժեր կը բարձրացնեն իրենց ամէնօրեայ, անվերջ, խլացնող թմբկահարումներով։ Այդ ուժերու համար Թուրքիոյ մասնակցութիւնն ունէր միայն մէկ նշանակութիւն եւ խորհուրդ։

Այդ մասնակցութիւնը յաւելեալ փաստ էր, ըստ այդ ուժերուն, որ (ա) Թուրքիան մղուած էր եւ տակաւին՝ է, ցեղասպանական բնազդներով, որոնք կ՚արդարացնեն նախապատերազմեան հակաթրքական բոլոր տրամադրութիւնները եւ (բ) որ այդ երկրի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու կամ նոյնիսկ խօսակցութիւն սկսելու միտուած որեւէ քայլ հաւասար է «դաւաճանութեան»։ Այդ ուժերուն համար անհրաժեշտ է, որ բանական քննարկում տեղի չունենայ։

Անոնք կ՚ուզեն այդ օրինակարգ հարցադրման պատասխանը կանխորոշել՝ խաղալով զգացական լարերու եւ գրեթէ բնազդային դարձած վախերու վրայ։ Այդ մարդիկ կը կարծեն, որ իրենց աստուածատուր մենաշնորհն է աջ ու ձախ շպրտել «դաւաճան» բառը։ Սակայն բանականութեամբ առաջնորդուող անհատ, ժողովուրդ կամ պետութիւն իրաւունք չունի նման ծանրակշիռ որոշում առնելու առանց ամենալուրջ եւ բազմակողմանի քննարկման։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ սխալ որոշումներ, առ երեւոյթ ճիշդ թուող եզրակացութիւններ, պատմութենէն ու փորձէն քաղուած կասկածի տակ չառնուող դասեր շատ մեծ վնասներ հասցուցած են մեզ անցեալին, ու տակաւին կրնան հասցնել ապագային։

Ի՞նչ դաս կարելի է քաղել պատմութենէն եւ ինչպէ՞ս որոշել, թէ որ դասը պէտք է քաղել։ 2016 թ. ապրիլին տեղի ունեցաւ քառօրեայ, կարճ պատերազմ մը։ Ազրպէյճանն էր նախաձեռնողը այդ կարճ պատերազմին, որու հետեւանքով մեր հակակշռին տակ եղած փոքր տարածք մը կորսնցուցինք։ Այդ պատերազմի՝ Ազրպէյճանի կողմէն նախաձեռնած ըլլալը շատերուն հասցուց այն եզրակացութեան, որ պէտք է Ազրպէյճանին պատժել՝ բանակցութիւններու, նոյնիսկ աւելի լարուած բանակցութիւններու վրայ յոյս դնելու փոխարէն մեր ապագան վստահելով նոր պատերազմի մը։

Անշուշտ, կարելի էր այլ դաս քաղել այդ իրադարձութենէն. կարելի էր տարածք կորսնցնելը, որքան ալ փոքր էր այդ, տեսնել որպէս ազդանշան, որ թերեւս ուժերու յարաբերութիւնը փոխուած է, որ մեր կողմի համար պատերազմ կորսնցնելը լուրջ կարելիութիւն է։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք ուշադրութիւն դարձուցին այդ պատերազմի արդիւնքին եւ սկսան աւելի լուրջ բանակցիլ, բանակցութիւններու ընթացքին պնդեցին պայմաններու վրայ, որը Ազրպէյճանը քսան տարիներէ աւելի մերժած էր, եւ առանց որուն ալ կը կարողանայինք յառաջդիմութիւն արձանագրել հակամարտութեան լուծման մէջ եւ խուսափիլ նոր պատերազմէ մը։ Կարելի էր ուրեմն ճիշդ դասեր քաղել ու այդ դասերուն աւելի լուրջ մօտենալ։

Սակայն փոխանակ նման մարտահրաւէրի նկատմամբ մեր մօտեցումը փոխելու, աւելի մխրճուեցանք «ոչ մի թիզ» հողի տրամադրութեան մէջ։ Արդիւնքին ծանօթ ենք։ Կարելի է նաեւ նկատի ունենալ Ազրպէյճանի հետ 2020 թ. մի քանի օրուայ ռազմական ընդհարումը, որու արդիւնքը մենք համարեցինք «յաղթութիւն»։

Ոչ մէկ փաստ կայ, եթէ հիմնուինք հրապարակային ելոյթներու վրայ, որ այդ փոքրիկ պատերազմը, որն ընդգրկեց երկու կողմէն սահմանափակ միաւորներ շատ փոքր տարածքի վրայ, ենթարկուեցաւ լուրջ քննարկման։ Առանց լուրջ ուսումնասիրութեան մենք մեզ վստահութիւն ներշնչեցինք, որ ուժերու յարաբերութիւնը չէ փոխուած ու լայնածաւալ պատերազմի պարագային մենք վստահաբար ազրպէյճանական նոր տարածքներ կը գրաւենք։ Այդպէս ալ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը։ Այսօր որոշելու համար, թէ հակառակորդներու հետ պէտք է խօսինք կամ ոչ, անոնց հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձգտիլը օգտակար կամ նախընտրելի է, թէ ոչ, անհրաժեշտ է մի քանի հարցերու պատասխան տալ։

Այստեղ նպատակս չէ այս կապակցութեամբ մեր առջեւ ծառացած բոլոր հարցադրումներն ու անոնց պատասխանները պարզել, այլ պարզապէս ներկայացնել անոնցմէ մի քանին՝ որպէս սկզբնական քննարկման նիւթ։ ա) Մեզ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ունենալ մեզ սպառնացող վտանգներու տեսակին ու որակին լրիւ, սակայն իսկական պատկերը։ Այսինքն՝ պէտք է զանազանենք վախի զգացումը վախի պատճառ ունենալէն։ Մեր պատմութիւնը մեզ այդ երկուքին ալ առիթ տուած է։ Սակայն վտանգի չափազանցումը կամ թերագնահատումը ինքն իր մէջ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ։ Չափազանցութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ վտանգը նուազեցնող կարելի քայլեր անտեսելու կամ առիթներ փախցնելու. վտանգի թերագնահատումը՝  աղէտի ու պարտութեան։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այստեղ