Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
unnamed
A A
Քաղաքականություն

Նիկոլ Փաշինյանը պատասխանել է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին. «Պէտք է դիմադրենք եւ յաղթենք»

Քիչ առաջ WhatsApp-իս պատասխանելով՝ Վարչապետը գրեց.- «Պէտք է դիմադրենք եւ յաղթենք»: Այո՛, ուրիշ ճամբայ չկայ: Սա իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան յանձնառութիւնը պէտք է դառնայ՝ հաւատքով շաղախուած ու վճռակամութեամբ կռանուած:

Յաղթելու համար պէտք է համախմբուինք եւ մեր ողջ ներուժը ի սպաս դնենք Արցախի պաշտպանութեան: Պէտք է վստահինք մեր հաւաքական ուժին, զօրավիգ կանգնինք մեր քաջ բանակին ու միաժամանակ պէտք է թակենք դռները մեր բոլոր բարեկամներուն: Զինուորական յաղթանակը պիտի ապահովէ մեր քաղաքական յաղթանակը: