A
A
Սեւան Նշանեանը Հունաստանում կացության իրավունք ստացավ (տեսանյութ)
Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Յունաստանի մէջ կեցութեան արտօնագիր ստացած է: Այս մասին Նշանեան գրառում մը կատարած է դիմատետրի իր էջով: Մտաւորականը նաեւ նշած է, թէ Աթէնքի իշխանութիւններուն մօտ քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակով կեցութեան արտօնագիր ստանալու վերաբերեալ դիմում կատարած է եւ այսօր ստացած է դրական պատասխան: Յիշեցնենք, որ տարուան 17 ազատազրկման ենթակայ Նշանեան 3.5 տարի Թուրքիոյ տարբեր բանտերուն մէջ մնալէ ետք յաջողած էր խոյս տալ Իզմիրի մօտ եղող Ֆուջայի բանտէն: Աւելի ուշ Նշանեան յայտարարած էր իր գտնուած վայրը եւ ըսած, որ հակառակ բոլոր տեսակի ճնշումներուն ինք պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան: http://haydzayn.am