Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
Արամ Ա
A A
Պաշտոնական

Արամ Ա․ Կաթողիկոսը ողջունել է

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅԿԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.

«Ջերմօրէն կ՚ողջունենք այս կարեւոր պատմական իրագործումը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու հայ դատի մարմինները ու յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող հայ դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներուն Ուաշինկթընի մէջ Մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը եւ քաջալերած հայ դատի նուիրեալներուն աշխատանքը: Նաեւ հանդիպումներ ունեցած ենք հայ ժողովուրդի բարեկամ պետական պատասխանատուներու հետ: Ահա թէ ինչու Մենք յատուկ ուրախութեամբ կ՚ողջունենք այս կարեւոր նուաճումը, որ հետեւանք է հաւաքական ու աննահանջ աշխատանքի: Մեր հաւաքական ազգային պահանջատիրական պայքարը պէտք է շարունակուի վերանորոգ վճռականութեամբ։

«Այս ուրախ առիթով, Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին՝ այն սպասումով, որ Ներկայացուցիչներու Տունէն եւ Ծերակոյտէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս վճռական քայլ մը առնէ այս ուղղութեամբ:

«Փառք ու յարգանք իր բռնաբարուած իրաւունքներու պայքարին նուիրուած հայ ժողովուրդին»: