Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
Antelias 08-02-2023
A A
Պաշտոնական

Արամ Ա կաթողիկոսը ցավակցել է Սիրիայի նախագահ Բաշար Ասադին

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունը հայտնում է․

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն։

Վեհափառ Հայրապետը նամակին մէջ կը գրէ, որ կսկիծով կը հետեւի աղէտին պատճառած ահաւոր աւերին եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ ժողովուրդին։ Նամակի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի աղէտի զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ մխիթարութիւն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին։