Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
Aram-A-katoxikos
A A
Պաշտոնական

Արամ Ա. կաթողիկոսը կոչ է անում զերծ մնալ թվեր մատնանշելուց

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Վերջին օրերուն լրատուական միջազգային միջոցները կեդրոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն ներս թրքական բանակային միաւորներու յառաջխաղացքին եւ անոր յառաջացուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիաեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ Վեհափառ Հայրապետը զանազան շրջաններէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին:


Գամիշլիի հայահոծ շրջանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, իսկ թրքական ներխուժումին անմիջականօրէն ենթակայ դարձած գիւղերը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.- Թէլ Ապյատ 15 ընտանիք, Րաս Ուլ-Էյն 2 ընտանիք, Տէրիք 60 ընտանիք եւ Հասիչէ 70 ընտանիք:


Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութեան զգայուն հանգամանքը եւ շրջանէն ներս հայութեան փոքրաթիւ ներկայութիւնը եւ զանազան խմբաւորումներով շրջապատուած ըլլալը, անհրաժեշտ է, որ հայ լրատուական միջոցները, ինչպէս նաեւ անհատական, հեռու մնան իրողութիւններ ու թիւեր մատնանշելէ եւ մեկնաբանութիւններ կատարելէ: Այս հանգրուանին շրջանի մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով անոնց աջակցութիւնը կը նկատենք հրամայական:


Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը որոշ գումար մը դրած է Հայր սուրբին եւ Գամիշլիի թաղականութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող կամ հեռացած նիւթական կարիք ունեցող ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարուի: