A
A
Հալեպի խաղաղ բնակավայրերում հրթիռակոծությունը շարունակվում է
«Գանձասար» պարբերականը հայտնում է. Երէկ գիշեր եւ այսօր 1 Հոկտեմբերի առաւօտեան զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի խաղաղ բնակելի զանազան շրջաններու հրթիռակոծումները շարունակուեցան։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ։
Այսօր առաւօտեան Սուրիոյ ժամով ժամը 11:00-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երէկ առաւօտեան զոհուած հայորդիներու յուղարկաւորութիւնը։ Երէկ վիրաւորուած երկու հայորդիներու՝ Արա Արամեանի եւ Յարութ Աւագեանի վիճակը ծանր է։ Անոնք բժիշկներու հսկողութեան տակ են։