Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
Antelias News 13-12-2019
A A
Քաղաքականություն

Արամ Ա. կաոթղիկոսն ընդունել է ՀՅԴ բյուրոյի անդամներին

 Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համահայկական արժէքներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները նաեւ խոր գոհունակութեամբ ողջունեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։